Լիբանանահայ Գայանե Մածունյանի անչափ հուզիչ գրառումը Բեյրութի պшյթյունի մասին, որն անհնար է կարդալ առանց արցունքների

Լիբանանահայ Գայիանէ Մածունեանը Ֆեյսբուքում գրառում է կատարել.

«Նստած եմ գետնին, քանի որ ոտքերուս ծանրութիւնը կռնակս կը կքէ: կարծես կը քաշէ վար ու միայն կարծր յատակը կը փրկէ զիս հալելէն եւ անհետանալէն: Արդէն շաբաթ մը անցաւ այն պահէն, երբ կարծր յատակը շարժեցաւ՝ իր հետ շարժելով ողջ կեանքի մը յուշեր, հաւատալիքներ ու երազներ: Ես ֆիզիքական կամ նիւթական վնաս մը չկրեցի: ապակի մը կոտրե ցաւ, որ արդէն շատոնց պէտք է նորոգուէր: Ես այդ գիշեր իմ տունս քնացայ (կամ քնանալու պէս բան մը ըրի): Ես յաջորդ առտու սուրճ խմեցի: Ես ոչ դեղորայքի պէտք ունիմ, ոչ ալ սնունդի: Ես լիբանանցի մըն եմ, որուն ոտքերուն տակի մինչ այդ փոխաբերական իմաստով շարժող հողը մէկ շաբաթ առաջ մեծ վիհ մը գոյացուց ծովուն եւ ժամանակին մէջ:

Մէկ շաբաթ է որ ողջ երկիր մը ապուշցած է: Մէկ շաբաթ է որ ջուրի կաթիլները կուլ տալը կը ցաւցնէ: Մէկ շաբաթ է որ մեր հոգիները Պէյրութի նաւահանգիստէն դէպի դժոխք բացուած անդունդէն վար կիջնին: Ձայն, հոտ, ցնցում, աղմուկ, պոռչտուք, աստիճաններէն բոպիկ վար վազողներ, տժգոյն դէմքեր՝ մեծերու, պատանիներու, երեխաներու: Տունին դուռը գոցելուն ու վար վազելուն միջեւ եղած այդ քանի մը երկվայրկեանին մէջ, ետ տունդ չտեսնելու սար սափ: Մէկ շաբաթ է, որ թեթեւ հով մը կը սարսափեցնէ, փողոցէն շան մը հաչ ոցը մա հացու վ տանգ կը թուի: Պէյրութը ոչ եւս է: Խօսքը դուռերու ու պատուհաններու վերաբերյալ չէ. Խօսքը այսօր ապուշցած գետին նստած լիբանանցիներուն մասին է, որոնց բարկութիւնն ու յուսահատութիւնը իրար

հետ կը մրցին, որոնք բոլորը տգեղցան մէկ վայրկեանուան մէջ, որոնց բոլորին հոգին մնաց նաւահանգիստի այդ փոսին խորքը: Մէկ շաբաթ է նաեւ որ ընկերային ցանցերու տարբեր հարթակներու վրայ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայեր իրենց տուներուն մաքրութիւնը տակաւին նոր վերջացուցած Լիբանանահայերուն խելք կը ծախեն, թէ ինչ պէտք է ընեն անոնք ու ո՞ւր երթան: Երբ մէկը վիրաւո րուի, նախ եւ առաջ ամենէն տեսանելի վէրքերը կը խնամեն, ապա կ’անցնին անտեսանելիներուն: Մէկ շաբթուան մէջ կոտ րած ապակիները հաւաքուեցան, պատերէն թռած ընտանեկան նկարներն ալ վերադարձան իրենց տեղերը, սակայն իրենց մարմիններէն դուրս թռած հոգիները դեռ շատ երկար պիտի թափառին առանց իրենց տէրերուն:

Շատերու նման ծնած եմ լիբանանի հայկական թաղամասին մէջ՝ քաղաքացիական պատերազմի ամենէն թէ ժ օրերուն: Մանկութիւնս առանձնապէս չի յատկանշուիր ազատ, անմեղ եւ անհոգ յուշերով: Փոքր տարիքէս ուրախութիւնը համարած եմ շռայլութիւն, քաանի որ հայը ողջ ըլլալու համար արդէն պէտք է շնորհակալ ըլլայ: Այսպէս մեծցանք, թաղի ընկերներով ռու մբի կտորներ հաւաքելով, պատուհաններէն ռու մբերուն կրա կները որպէս պայ թուցիկ դիտելով, եւ միշտ գիտնալով որ ամենէն վատին պէտք է պատրաստ ըլլանք: Տուներու դուռերուն ետեւ պահուած սնունդի սնտուկները բոլորը կը յիշեն: Մալինկ, Սմեց պանիր ու աշխարհի ամենէն զզուելի սնունդը, որ կարելի էր պահել թիթեղեայ տուփերու մէջ՝ միայն ողջ մնալու համար:

Բոլորս կը յիշենք «Ղարպիյյէ»ի ու «Շարքիյէ»ի պատմութիւնները: Հայրս կը խօսէր մեր տունէն տաս վայրկեան հեռու գտնուող Պէյրութի մը մասին որ ես մինչեւ տասնչորս տարեկանս չտեսայ: Պուրճ, Ազարիյէ, Րիվոլի: Ո՞վ չէ լսած այս անունները իր ծնողներէն, առանց հասկնալու անոնց ինչ ըլլալը: Որո՞ւ ծնողքը մինչեւ այժմ չըսեր «միւս կողմ շատ մի երթար»… Միւս կո՞ղմ: Մատնոցի մը չափ Պէյրութը ինչքա՜ն կողմեր ունի որոնք անծանօթ են շատերուն: Մեր բոլորիս ծննդավայր Պէյրութը ինչքա՜ն գաղտնիքներ ունի մեզմէ: Լիբանանէն խեր տեսնելը դիւրին բան չէ: Պատերազմ, անկարգութիւն, անապահովութիւն, կենսոլորտային աղէ տներ, այլամերժութիւն, կրօնական ծայրայեղութիւն ու անիրաւութիւններու անվերջ շարան մը: Սակայն այս բոլորը չեն խանգարեր որ Լիբանանը մեր տունը ըլլայ:

Հապա Հայաստանը՞. Չէ որ ան մեր հայրենիքն է, զորս սիրելը մենք մեր աչքերը բացած պահէն կը սորվինք: Չէ որ ես Հայաստանի փողոցներուն անունները աւելի լաւ գիտէի առանց իսկ Հայաստան գացած ըլլալու, երբ իմ ծննդավայրիս «միւս կողմերը» ճանչնալու համար տասնամեակներ պէտք էին: Չէ որ ես շատ աւելի լաւ հայերէն գիտեմ քան արաբերէն: Չէ որ 1988-ի երկրաշ արժին, երբ ես Լիբանանի պատե րազմի ծանր օրերը ապրող մանուկ մըն էի զրկուեցայ իմ խեղճ նոր տարուան նուէրէս, քանի որ Հայաստանի երեխաները նոր տարի պիտի չունենային: Չէ որ ես երբ դպրոցս աւարտեցի, առանց երկմտելու Հայաստան գացի, քանի որ ակլ տարբերակի վերաբերյալ մտածել նույնիսկ անիմաստ էր: Իսկ այժմ ինչո՞ւ կը բարկանամ երբ մարդոց ցաւերը տակաւին չսպիացած հայրենադարձութեան կոչեր կը լսուին տարբեր կողմերէ:

Ինչո՞ւ կը մտածեմ որ աղէ տէն փրկուելու համար մէկ տեղէն միւսը գացողը միշտ ալ գաղթական պիտի կոչուի ու երբեք լիարժէք քաղաքացի պիտի չդառնայ: Լիբանանահայը այս մէկը ամենէն լաւ գիտցողներէն է եւ այժմ իր ծննդավայրի անկումին ցա ւը ապրելու փոխարէն, ընկերային ցանցերու վրայ կ’ենթարկուի պախարակութեան, կ’ամբաստանուի կարճատես ըլլալուն ու իր կեանքը իր իսկական հայրենիքէն դուրս փնտռելուն մեղքով: Մարդիկ կը խօսին ինքնութեան մասին ու հայրենադարձութեան կոչերով կ’արհամարհեն ճակտի քրտինքով կառուցուած կեանքեր:

Հայրենադարձութիւնը լաւ բան է, սակայն ամէն մարդ ինք կ’որոշէ իր հայրենիքին ուր ըլլալը, եթէ անպայման հայրենիք մը ունենալու պէտքը ունի: Շատ մը լիբանանահայերու համար, որոնք «միւս կողմ»երը չեն գիտեր, հայրենիք փոխելը աւելի դիւրին է քան անոնց, որոնք լաւ կը ճանչնան իրենց ծննդավայրը: Տասնութ տարեկանիս ինծի համար ալ դիւրին էր Լիբանանը ձգելը, քանի որ չէի ճանչնար զայն: եօթը տարի Հայաստան ապրեցայ ու ան իր լաւով ու վատով եղաւ իմ տունս: Հայաստանի մէջ ես սորվեցայ մարդ ըլլալ եւ չսահմանափակուիլ իմ հայ ըլլալովս: Հայաստանը ազատագրեց զիս շատ մը նեղ եւ քառակուսի սկզբունքներէ: Բայց երկար ճամբայ անցայ:

Երիտասարդ էի: Մինչ այդ ապրած կեանքս մեծ բան մը չէր: Մինակ էի, ազատ եւ անկախ: Յետոյ վերադարձայ Լիբանան, կեանքիս նոր փուլ մը սկսաւ: Աշխատեցայ, ստեղծագործեցի, որպէս մարդ հասունացումս ապրեցայ հարիւրաւոր մարդոց հետ աշխատելով: Լաւը շատ էր, գէշը նոյնպէս, բայց կեանք էր, լիարժէք կեանք: Ես Լիբանանի տարբեր կողմերը ճանչցայ, տարբեր փողոցները, տարբեր մարդիկը ու այդ տարբերութիւններուն մէջ գտայ ինքս ինձ: Երկու օր առաջ Հայաստան եկայ: Հիմա այս տողերը կը գրեմ Արարատեան դաշտի գիւղերէն մէկուն խաղաղութեան մէջ: Մատներս շատ արագ կը սահին ստեղնաշարին վրայ, բայց հոգիս չկայ:

Մնաց այդ փոսին մէջ՝ ծննդավայրիս գերե զմանը: Հիմա ես ապահով եմ, աչքս կանաչով ու կապոյտով յագեցած, բայց միտքս Պէյրութի փոշիներով ծածկուած: Ես եկայ Հայաստան, բայց իմ կեանքս հետս չեկաւ: Ինծի սիրելի շատեր հոն են: Ես այժմ հոս եմ: Ես լաւ չեմ, ոչ մէկ Լիբանանցի լաւ պիտի ըլլայ երկար ժամանակ:
Պիտի խնդրեմ, որ ձգէք առողջանանք, պիտի խնդրեմ որ մեր փոխարէն որոշումներ չկայացնէք, պիտի խնդրեմ որ մեր ապրած կեանքը չարհամարհէք, պիտի խնդրեմ որ ձգէք ամէն մարդ նախ իր հոգին գտնէ, յետոյ հայրենիքը»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *